Մահացած է արժանթինցի գրող Սուլիմ Կրանովսկի, ով գրած է «Լռեցուած Ցեղասպանութիւն. հայ ժողովուրդի Հոլոքոստը» գիրքը, կը հաղորդէ տեղի հայկական «Diario Armenia» թերթը: 

ԳԿրանովսկի 99 տարեկան էր։ 2014 թուականի Մայիսին Կրանովսկի Հայերու Ցեղասպանութեան մասին սպաներէն գիրք ներկայացուցած է։ Գիրքին մէջ ան նշած է, որ «նման ողբերգութեան պայմաններու մէջ յստակ դիրքորոշում որդեգրելը հրատապ պարտաւորութիւն է»։ Խօսելով իր գիրքին մասին, Կրանովսկի նշած է, որ շէնքերուն մեծ մասը, այդ թուին՝ Կ. Պոլսոյ գլխաւոր մզկիթները, կառուցած են հայ ճարտարապետները։ Հայ պաշտօնեաները թրքական իշխանութեան խորհրդականներն էին, բայց այդ «կեղծ խաղաղութիւն» էր։ Այն դրսեւորուած է տակաւին 1915 թուականի՝ Հայերու դէմ կազմակերպուած Ցեղասպանութիւնը սկսելէն առաջ։

«Ընդամէնը քանի մը տարուայ ընթացքին՝ 1895 թուականէն սկսեալ, «Կարմիր սուլթան» Ապտուլ Համիտ, զոր այսպէս կ’անուանէին արիւնարբու ըլլալուն պատճառով, սկսաւ 300.000 հայերու բնաջնջումը», – նշած է Կրանովսկի։

Արեւմտեան Հայաստանը ցաւակցութիւն կը յայտնէ ականաւոր գրականագէտի մահուան առթիւ: Այն ինչ, որ կատարած է ան, պիտի մնայ պատմութեան մէջ որպէս արդարութեան պայքարին մէջ իրականացուած կարեւոր ձեռքբերում: