Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է «Մշակոյթի համար նոր եւրոպական օրակարգի եւ միջազգային մշակութային յարաբերութիւններու համար ԵՄ նոր ռազմավարութեան իրականացում» բանաձեւը։

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կը կատարուի հակամարտային գօտիներուն մէջ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն եւ կը դատապարտուի վերջին հակամարտութիւններու ժամանակ պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան նպատակաուղղուած ոչնչացումը։

Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգային ու պաշտպանական հարցերով ենթակոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազոյի (Ֆրանսա) ստորագրած եւ նոյն խմբակցութեան անդամ Փեթրաս Աուսթրեւիչուսի (Լիթուանիա) կողմէ համաստորագրուած լրամշակման հիման վրայ յստակ կը քննադատուի նաեւ Արցախի մէջ հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման ուղղուած Ատրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը:

Բանաձեւի 78-րդ կէտին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «Եւրոպական խորհրդարանը կոչ  կ’ուղղէ յանձնաժողովին խստիւ դատապարտել վերջին հակամարտութիւններու ընթացքին պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգուած եւ քաղաքական կամ գաղափարական շարժառիթներով նպատակաուղղուած ոչնչացումը:  Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ’ուղղէ յանձնաժողովին խստիւ դատապարտել նաեւ ինքնիշխան պետութիւններու, ժողովուրդներու կամ փոքրամասնութիւններու ինքնութեան եւ մշակոյթի արմատապէս վերացումը, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ ժխտելու Ատրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը»:

Արեւմտեան Հայաստանը հերթական դէպքով կ’արձանագրէ, որ հայկական մշակութային կոթողները լաւագոյնս կրնան պահպանել միայն հայերը, բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ մեծաւ մասամբ կը պղծուին Քրիստոնէական կոթողները: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Ջուղայի խաչքարերուն հետ, լաւագոյնս կը նկարագրէ ատրպէյճանական կործանարար քաղաքականութիւնը: