Հադրութ շրջանի Մեծ Թաղեր եւ Տող գիւղերուն մէջ 300 հազար խաղողի վազ եւ գինիի գործարան կորսնցնելէ ետք  գործարար Սամուէլ Գրիգորեան չէ հրաժարած խաղողագործութենէն: 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով այգին կորսնցնելէ ետք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է եւ սկսած  նոր այգիի ստեղծման վրայ աշխատիլ: 

«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին գործարար Գրիգորեան նշած է, որ փոխուած է այգիի աշխարհագրութիւնը, բայց, քանի դեռ Արցախի մէջ է, պիտի շարունակէ այգիներ ստեղծել: Անոր խօսքով, արդէն 7 տարիէ ի վեր կը զբաղի խաղողագործութեամբ եւ այդ գործին մէջ մասնագիտացած է, գործը կիսատ ձգելու կարիք չի տեսներ: Նոր այգին Ծաղկաշատ համայնքի տարածքին է: 

«2021 թուականի Սեպտեմբերի մէկին տնկած ենք առաջին սիւնը: Այսօրուան դրութեամբ արդէն ունինք 100 հազար խաղողի վազ, որոնք ներմուծած ենք Ֆրանսայէն: Ունինք խաղողի 5 տեսակ, որոնք նաեւ պիտի օգտագործուին որակեալ գինիներ ստեղծելու նպատակով»,- նշած է Գրիգորեան: 

Այգիի առաջին բերքը պիտի ստանան 2024 թուականին, որուն ընթացքին կը պատրաստուին նաեւ գինիի գործարանը կառուցելու: Ամփոփելով խօսքը, Սամուէլ Գրիգորեան կը շեշտէ, որ քանի դեռ այդ հողին վրայ են, պիտի շարունակեն այգիներ հիմնել:

Արեւմտեան Հայաստանը մեծ երախտիքով կը վերաբերի այն հայերուն, որոնք անկախ դժուարութիւններէ կը շարունակեն շէնցնել իրենց հողը եւ ստեղծել աշխատատեղեր: Առաւել քան երբեք այսօր Արցախ բոլորիս աջակցութեան կարիքն ունի: