
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բազում ջերմուկներ կան, որոնցմէ ոմանց մօտ առաջացած են մեծ ու փոքր բնակավայրեր։ Արեւմտեան Հայաստանի Ջերմուկ բնակավայրը գրականութեան մէջ կը յիշատակուի Ջերմեկ, Ջերմիկ աղաւաղուած ձեւերով։ Հին ժամանակ կը կոչուէր Աբառնէ կամ Ամմիանոս։ Տարբեր ժամանակներու համարուած է գիւղ, աւան, քաղաք։ Կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան մասը, Տիգրանակերտ քաղաքէն հիւսիս-արեւմուտք։ Գիւղաքաղաքին մէջէն կ’անցնի Եփրատի ձախակողմեան փոքրիկ, ձկնառատ վտակ մը։ Կլիման մեղմ է։ Ունի բարեբեր հողեր, պտղատու շատ այգիներ։ Յատկապէս յայտնի է տանձով, նուռով եւ խաղողով։ Գիւղաքաղաքէն 1-2քմ հեռաւորութեամբ կը բխին ծծմբային տաք աղբիւրներ՝ ջերմուկներ, որոնք խմելու համար պիտանի չեն, սակայն ունին բուժիչ յատկութիւններ։ Անոնց մասին յիշատակութիւն ունի Մատթէոս Ուռհայեցի (12րդ դար)։
Ջերմուկին մօտ, լերան վրայ կը գտնուի համանուն բերդը, որ կառուցուած է հայերու ձեռքով տակաւին 9րդ դարուն։ Այժմ ալ միջնադարեան այդ բերդը, որ թուրքերը աղաւաղուած ձեւով կը կոչեն Ջերմիկ, կանգուն է։
Ջերմուկը 19րդ դարու սկիզբները ունէր մօտ 1000 տուն բնակիչ, իսկ 1872 — 73թթ. շուրջ 350 տուն, որուն մօտ կէսը կը կազմէին հայերը: Առաջին համաշխարհային պատերազմին նախորդած տարիներուն անոր տուներուն թիւը աւելի քան 400 էր։ Հայերն ունէին երկու վարժարան տղաներու եւ աղջիկներու։ 20րդ դարու սկիզբները երկու վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներու թիւը կը հասնէր աւելի քան 100-ի։
Ջերմուկի եւ համանուն գաւառակի հայ բնակչութիւնը եւս Արեւմտեան Հայաստանի միւս շրջաններու հայերուն հետ միասին 1915 թուականին մասամբ ոչնչացուած եւ մասամբ ալ տեղահանուած է թուրքերու կողմէ։