Պատմական նիւթերու ուսումնասիրող Խաժակ Սիրեկանեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է. «Միջնադարեան Հայաստանի յայտնի մեծահարուստներէն էին Աւետենց Սահմատինը եւ Տիգրան Հոնենցը։ Աւետենց Սահմատին 13րդ դարու հայ մեծահարուստ էր։ Կը յիշատակուի նաեւ որպէս «Սէնոպ Սահմատին»։ Չունենալով ազնուատոհմիկ ծագում, բայց հարստանալով հարկերու կապալառութեամբ, վաշխառութեամբ, առեւտուրով եւ հողային տիրոյթներու գնմամբ, դարձած է «պարոն»։ Ծաւալած է շինարարական գործունէութիւն, նորոգած եւ կառուցած է եկեղեցիներ, հիւրատուներ, պալատներ։ Նշանաւոր էր իր Մրենի Արքայութիւն կոչուած ապարանքը՝ «դրախտ» կոչուող պարտէզով։ Արճէշի, Երեւանի, Օշականի եւ այլ եկեղեցիներու արձանագրութիւններուն մէջ Սահմատին կը յիշատակուի որպէս բարեգործ։

Անիի մէջ ձգած 1261 թուականի արձանագրութեան համաձայն, ան  Շահնշահ Զաքարեանի որդի Արտաշիրէն գնած է Անի քաղաքը։ Ըստ Մրենի վանքին մէջ ձգած արձանագրութեան, 1284 թուականին գնած է Մրեն գիւղաքաղաքը։ Յետագային՝ նաեւ Օշականն ու Արջոառիճը։ Ըստ Երեւանի Կաթողիկէ Սբ․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հարաւային պատին ձգած արձանագրութեան, 1264թ-ին գնած է Երեւանն իր «հողով եւ ջուրով»:

Տիգրան Հոնենց 13րդ դարու հայ խոշոր մեծահարուստ էր։ Չունենալով ազնուատոհմ ծագում՝ հարստացած է հարկերու կապալառութեամբ, վաշխառութեամբ եւ առեւտուրով։

Զաքարիա եւ Շահնշահ Զաքարեաններու օրօք Անիի մէջ վարած է բարձր պաշտօն (հաւանաբար, հարկային վերակացու)։ Ձեռք բերած է խոշոր կալուածներ, գիւղեր, ձիթհաններ, ջրաղացներ եւ այլն։

1213 թուականին իր միջոցներով վերանորոգած է Անիի Մայր տաճարի աստիճանները, 1215 թուականին կառուցած Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Ան այդ եկեղեցւոյ նուիրաբերած է գիւղեր, այգիներ, ձիթհաններ, ջրաղացներ, կրպակներ, ջրմուղ, բաղնիք։

Տիգրան Հոնենցի միջոցներով կառուցուած է նաեւ Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցին։