
Կ. Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցը հիմնադրուած է 1832 թուականին Կազազ Արթին ամիրա Պէզճեանի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ ու բացուած է 1834 թուականի Մայիսի 31-ին՝ Ստեփանոս Բ. պատրիարքի ձեռամբ։ Հիւանդանոցը հայ համայնքի մարդասիրական օգնութեան ամէնէն մեծ հաստատութիւնն է։
Արեւմտեան Հայաստանի պատգամաւոր Միհրան Փրկիչ կը յայտնէ․ «2023 թուականի Յունուարի 25-ին ունեցած եմ ստամոքսի արիւնահոսութիւն, որուն պատճառով Յունուարի 30-ին գացի «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոց: Հակառակ անոր, որ նախօրօք հերթագրուած էի, ինծի ըսին, որ բուժման վճարը շատ բարձր է, եւ իրենք չեն կրնար զիս բուժել։ Այնտեղ ինծի առաջարկեցին դիմել պետական հիւանդանոց։ Կը կարծեմ, որ այս մօտեցումը ճիշդ չէ։ Կը կարծեմ, որ այս մտածելակերպը պէտք է քննարկման ենթարկուի։ Ես կ’ուզեմ, որ դուք իմանաք, թէ ովքեր կը ղեկավարեն մեր հիւանդանոցը: Այսօրուընէ մեր գործը պիտի ըլլայ հիւանդանոցի ղեկավարութեան թոյլ տուած սխալներու բացայայտումը»։