
ԱՄՆ վարչակազմը պէտք է անյապաղ միջոցներ ձեռնարկէ Բերձորի միջանցքի արգելափակման վերջ դնելու համար:
ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քեթի Փորթըր:
Քոնկրէսականը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի արգելափակումը, որ 120 հազար արցախցիները գրեթէ երկու ամիս զրկած է կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներէ:
«Ատրպէյճանի նպատակը յստակ է՝ ստիպել Արցախի բնիկ հայերը լքել իրենց հայրենիքը՝ ստեղծելով այնպիսի պայմաններ, որոնք անհնար կը դարձնեն ապրիլը: Մենք պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկենք Ատրպէյճանը իր թշնամական վերաբերմունքին համար: Ես կը շարունակեմ վարչակազմին կոչ ուղղել անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել այս արգելափակման վերջ դնելու համար», – նշած է քոնկրէսականը:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Ուաշինկթըն պէտք է դադրի ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Պաքուին:
«Մենք պէտք է դադրեցնենք ամբողջ ռազմական աջակցութիւնն Ատրպէյճանին: ԱՄՆ հարկատուները պէտք չէ օժանդակեն Ատրպէյճանի մշտական թշնամանքը հայ ժողովուրդին դէմ: Ես կը շարունակեմ իմ համերաշխութիւնս յայտնել հայ ժողովուրդին եւ ամերիկահայ համայնքին», – եզրափակած է քոնկրէսական Քեթի Փորթըր:
Արեւմտեան Հայաստանը կ’ողջունէ քոնկրէսականին յայտարարութիւնը, նշելով որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միեւնոյն ժամանակ ՄԻՆՍԿԻ խումբի համանախագահ երկիր է, որ իր աջակցութիւնը պէտք է ունենայ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ, իսկ ռազմամթերքի մատակարարման ամբողջական դադրեցումը պէտք է օր առաջ տեղի ունենայ։