Եւրոպայի խորհուրդն արձագագած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ԱԺ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեանի՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի լիակատար շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական աղէտին վերաբերեալ նամակներուն: 

Այս գրութիւններուն վերաբերեալ ԵԽ գլխաւոր քարտուղարի եւ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի գրասենեակի տնօրէն պրն․ Միրոսլաւ Պապայէն Թագուհի Թովմասեան ստացած է պատասխան նամակներ, որոնց համաձայն՝

 ԵԽ-ը պիտի շարունակէ իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաշտութեան ջանքերուն, յղում կատարելով Յունուարի 19-ին Նախարարներու կոմիտէի Այսլանտական նախագահութեան յայտարարութեան՝ Բերձորի միջանցքին շուրջ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ, կը ներկայացուի հաւաստիացում, որ ԵԽ-ի գլխաւոր քարտուղարը պիտի շարունակէ ուշադիր հետեւիլ իրադրութեան,

ԵԽ-ի գլխաւոր քարտուղարը մտահոգութիւն կը յայտնէ եւ կ’ընդգծէ լարուածութեան սրումէն խուսափելու անհրաժեշտութիւնը։

ԱԺ պատգամաւորը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ-ի գլխաւոր քարտուղարի եւ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի գրասենեակին՝ իր հրատապ գրութիւններուն արձագանգելուն համար։