Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով «Շուշի» հայրենակցական միութեան նախագահ, պատմաբան Աշոտ Յարութիւնեան  ներկայացուց Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի փակման հետեւանքով առաջացած մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքները, զորս այսօր կը կրեն Արցախ ապրող բնիկ հայերը։ Պարոն Յարութիւնեանը նշեց, որ այս բռնազաւթիչ  Ատրպէյճանի ցեղամոլ կառավարութեան կողմէ իրականացուող յստակ ցեղասպանական ծրագիր է, կը մնայ ժողովուրդին մաղթել դիմանալ այդ բոլորին եւ կեդրոնացնել ուժերը այս խնդիրէն դուրս գալու համար։  Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան Արցախի մէջ եւ անոնց առաքելութեան կատարման, նշեց, որ այսօրուայ դրութեամբ անոնք են, որ կ’ապահովեն հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը, որ զսպող մեխանիզմ է զաւթիչ Ատրպէյճանի համար։ ​​https://youtu.be/DVXONBPcM-I