Արեւմտեան Հայաստանի Արծկէ բնակավայրը կը գտնուի Վանայ լիճի հիւսիսային ափին։ Նաւահանգիստ էր եւ կը գտնուէր դէպի Խլաթ ու Բաղէշ (Պիթլիս) տանող ճանապարհին վրայ։

Արծկէ կը յիշատակուի տակաւին ուրարտական արձանագրութիւններուն մէջ` Զիուկանի անունով։ Այստեղ պահպանուած է ուրարտական Ռուսա Բ. թագաւորի սեպագիր արձանագրութիւններէն մէկը։ Հայ մատենագրութեան մէջ կը յիշատակուի 5րդ դարէն: Որոշ պատմաբաններ այն կը յիշատակեն որպէս գիւղ, ոմանք ալ կը կոչեն աւան կամ քաղաք։ Մինչեւ օտար տիրապետութեան տակ անցնիլը, Արծկէ կը պատկանէր մերթ Գնունիներուն, մերթ ալ՝ Բզնունիներուն եւ վարչականօրէն կը մտնէր Տուրուբերանի Բզնունիք գաւառին մէջ: Արաբներն իրենց առաջին արշաւանքներու ժամանակ, 7րդ դարու կէսերուն, կը գրաւեն Արծկէն եւ այն կը կոչեն Տար Ալ Ճաուազ, որմէ ալ ծագած է անոր այժմեան՝ Ատիլճեւազ անունը։ 11րդ դարու սկզիբները քաղաքը կ’անցնի Բիւզանդիոյ տիրապետութեան տակ, 1054 թուականին կը գրաւեն սելջուկ թուրքերը։

Հին Արծկէն Վանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով ջրածածկ եղած է 10-12րդ  դարերու ընթացքին։ Այն ամուր բերդաքաղաք էր եւ երկար ժամանակ իր գոյութիւնը կըը պահպանէր կղզիի վերածուած փոքրիկ ցամաքամասի մը վրայ։ Ունեցած է երկու ամրոց։ Lիովին ամայացած է 17-19րդ դարերուն։ Հին Արծկէի փոխարէն, լճափի աւելի բարձրադիր մասը ժամանակի ընթացքին կառուցած են նոր Արծկէն, որ 17-18րդ  դարերուն Վան նահանգի Ալճաւազ գաւառի կեդրոնն էր։ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն ունէր 140 գիւղ 30000 բնակիչներով, որմէ 25000-ը հայեր, 30 եկեղեցի, 10–է աւելի տարրական կրթարաններ։ 

1915 թուականին Արծկէի հայ բնակչութեան մէկ մասը զոհ գնաց թրքական եաթաղանին, իսկ միւս մասը տեղահանուեցաւ ու տարագրուեցաւ զանազան տեղեր։ Արծկէ ունէր երկու եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Սարգիս։