Պատմաբան, Տիգրանակերտի արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեան ֆէյսպուքեան իր էջին լուսանկարներ տեղադրած է՝ կից գրառմամբ․ «Արցախի խաչքարային պատկերաքանդակը եզակի դրսեւորում է հայ խաչքարային մշակոյթին մէջ։ Այն կը ներկայացնէ մահկանացուները, անոնց հիմնական զբաղմունքը, ակնկալիքները, անմահութեան մասին ժողովրդական պատկերացումները։ Բազմաթիւ կերպարներու եւ նիւթերու մէջ առանձնակի կարեւորութիւն ունի ռազմիկի կերպարը եւ կռիւի պարկերը։ Ռազմիկներու պատկերաքանդակներ կրող խաչքարային արձանագրութիւններէն դատելով, կարելի է զանոնք ամէնէն հաւանական սկիզբը համարել 12-րդ դարու կէսերը, երբ Արցախի իշխանութիւնները յամառ պայքար սկսած էին երկրամասի ազատագրման համար։
Մօտ երեք տարի առաջ Պտրեցիք գիւղի անտառներուն մէջ յայտնաբերուեցաւ խաչքար մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ, նման խաչքարերու առաջնեկներէն է։ Խաչքարը արձանագրութիւն չունի։ Իր պարզութեամբ կ’առանձնանայ պատկերաքանդակը. պատկերուած չեն հեծեալի հագուստը, գլխարկը, մանրամասնուած չեն դէմքը, ձիասարքը, թամբը։ Մերկացած թուրը եւ գօտիին ամրացուած պատեանն աւելի ենթադրելի են։ Թուարկուած մանրամասները հիմք կու տան խաչքարը վերագրել 11րդ դարուն, ամէնէն վերին սահման համարելով 12րդ դարու սկիզբը»։