
Արեւմտեան Հայաստանի Մոկս բնակավայրը կը գտնուի Վանայ լիճէն հարաւ, Արեւելեան Տիգրիսի աջակողմեան վտակ Մոկս գետի եզերքը։ Բոլոր կողմերէն պատուած է լեռներով։ Այժմ թուրքերը կը կոչեն Մոկուս եւ սովորական գիւղ է: Կը յիշատակուի իբրեւ աւան, բերդաքաղաք։ Այստեղ Ամենափրկիչ վանքին մէջ պահպանուած է Գասպար անունով ոմն մոգի գերեզմանը, որուն հետ ալ ոմանք կը կապեն Մոգս-Մոկս անուան ծագումը։
Գիւղաքաղաքը թաղուած է այգիներու մէջ։ Կլիման մեղմ է, առողջարար, ձմեռը կը տեւէ շուրջ 5 ամիս։ Փարթամօրէն կ’աճին ընկուզենին, տանձենին, խնձորենին, սալորենին։ Ջրառատ է. կան բազմաթիւ, սառնորակ աղբիւրներ եւ առուակներ։
Հին ժամանակ կոչուած է Մոկք եւ եղած է Մոկաց աշխարհի Մոկք գաւառի կեդրոնը։ 9-11րդ դարերուն համանուն գաւառին եւ աշխարհին հետ միասին կ’ենթարկուէր Արծրունի իշխաններուն-թագաւորներուն։ Միջին դարերուն Մոկսը միատարր հայաբնակ բերդաքաղաք էր, նոր ժամանակներուն այստեղ հայերէ բացի կը բնակէին նաեւ քիւրտեր։
19րդ դարու 70-ական թուականներուն ունէր 2000 բնակիչ, իսկ 20րդ դարու սկիզբները՝ 200 տուն՝ մօտ 1600 բնակիչներով։ Այստեղի հայերը նոյնպէս երկու անգամ ենթարկուած են թուրքերու կազմակերպած ջարդերուն՝ 1895-96թթ. եւ 1915թ. Մեծ Եղեռնին։ Սակայն Մոկսի եւ անոր շրջակայքի գիւղերու հայ բնակչութեան զգալի մասը, որ եռանդուն մասնակցութիւն ունեցած է Վանի հերոսական ինքնապաշտպանական կռիւներուն, փրկուած է թրքական եաթաղանէն եւ այդ կողմերու տասնեակ հազարաւոր հայերուն հետ միասին ռուսական զօրքի ու հայ կամաւորական ջոկատներու ուղեկցութեամբ գաղթած Արեւելեան Հայաստան։