
Սեպտեմբերեան լայնածաւալ ռազմական յարձակումէն աւելի քան 4 ամիս անց հայկական կողմն առաջին անգամ պաշտօնապէս հրապարակած է Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներու քարտէզը։
Քարտէզը ներկայացուեցաւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան Ատրպէյճանն ընդդէմ Հայաստանի լսումներու ժամանակ։ Հայաստանի հայցը ներկայացնող փաստաբաններէն Շոն Մըրֆի քարտէզը դատարանին մէջ ցոյց կու տար՝ փաստելու, որ հայցի ներկայացման առիթ դարձած հայկական ականները ոչ թէ Ատրպէյճանի, այլ նոյն Հայաստանի տարածքներէն են, զորս բռնազաւթած է Ատրպէյճան։
Պաքու միջազգային ատեանին առջեւ Հայաստանը կը մեղադրէ «ատրպէյճանական տարածքներու ականապատման» եւ Բերձորի ճանապարհով Արցախ «ականներ տեղափոխելու» մէջ։
«Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եզրակացուցած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ դատարանին տրամադրուած լուսանկարներուն մէջ ցուցադրուած ականներն Ատրպէյճան վերցուցած է Հայաստանի տարածքներէն 2021 եւ 2022 թուականներու յարձակման ընթացքին», – դատարանին մէջ յայտնած է Մըրֆի։
Պաշտպանութեան նախարարութեան պատրաստած քարտէզին մէջ առանձին գոյներով նշուած են նաեւ 2021-ի Մայիսին ու Նոյեմբերին Ատրպէյճանի գրաւած տարածքները։ Ընդ որում՝ քարտէզէն պարզ կը դառնայ, որ Ատրպէյճան մեծ ծաւալով տարածքներ զաւթած է 2021-ի Մայիսի ու 2022-ի Սեպտեմբերի ներխուժումներու ընթացքին։
Արեւմտեան Հայաստանը միջազգային տարբեր հարթակներէ բազմիցս ներկայացուցած է զաւթիչ Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները, որոնք ուղղուած են խաղաղ բնակչութեան: Այն, ինչ որ այժմ կը կատարէ թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը, ոչ այլ բան է, քան հերթական ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւն: