
Աւստրալիոյ Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը եւ Նոր Հարաւային Ուելսի Տիեզերական ժողովը նամակով դիմած են Դաշնային կառավարութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի բնիկ հայերուն դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն համար:
Նշուած է, որ բաց նամակի հեղինակներն Աւստրալիոյ կառավարութեան լռութիւնն անուանած են «խլացուցիչ եւ անընդունելի»։
«Այն ժամանակ, երբ Աւստրալիոյ պաշտպանութեան ուժերն աշխոյժ կերպով կ’աջակցին Ուքրանիոյ, նուազագոյնը, որուն յոյսը կրնանք ունենալ մենք, Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան հրապարակային յայտարարութիւններն են՝ յաջակցութիւն Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին, յաջակցութիւն խաղաղ բնակչութեան: Հիմա է ժամանակը հրապարակային գործողութիւններուն՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին», – գրուած է նամակին մէջ։
Իսկ Նոր Հարաւային Ուելսի Տիեզերական ժողովի նամակին մէջ նշուած է. «Այս անխիղճ մարտավարութիւնը, ծպտուած բնապահպան ցուցարարները կ’ազդարարեն, որ շրջափակումը համակարգուած յարձակում է Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ բնակչութեան համար անդառնալի մարդասիրական հետեւանքներ ստեղծելու նպատակով, Արցախի հայերուն համար կեանքն անտանելի դարձնելու յստակ մտադրութեամբ՝ հասնելու ցեղային զտումներու՝ իրենց գրեթէ չքօղարկուած նպատակին»։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկէ ընդդէմ Ատրպէյճանի ցեղամոլ քաղաքականութեան, հակառակ պարագային բնիկ հայերը պիտի կանգնին հայրենազրկման փաստի առջեւ: