Ուաշինկթընի մէջ Քոնկրէսի շէնքին առջեւ ամերիկահայերը ցոյց կազմակերպած են՝ իրենց բողոքը յայտնելով Բերձորի ճանապարհի արգելափակման դէմ:

Բողոքի ցոյցին մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոն, հաղորդած է վերջինս իր թուիթըրեան գրառմամբ:

«Այսօր Քափիթոլիումին մօտ ցուցարարները բողոք կը յայտնէին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անօրինական եւ անմարդկային շրջափակման: Ես հպարտութեամբ կանգնեցայ անոնց կողքը՝ կոչ ուղղելով, որ Միացեալ Նահանգները պատասխանատւութեան ենթարկէ Ալիեւը Արցախի ժողովուրդին դէմ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար», – գրած է Փալոն։

Ըստ գրառման կից լուսանկարին, ցուցարարները ներկայացած են Հայաստանի դրօշով, Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու, Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ այլ կոչեր պարունակող պաստառներով: