Արեւմտեան Հայաստանի Սամոսատ նահանգի Քախթա գա­ւառի եր­բեմնի հա­յկական գե­րեզ­մա­նատան վրայ շի­նարարական ծրագիր կ’իրականցուի։ 8.432մ հողատա­րած­քի սե­փակա­նու­թիւնը կը պատ­կա­նի  պետութեան եւ շարք մը անհատներու:

Այս տեղեկութիւնը «Ակօս»ին փո­խան­ցող Սամոսատ-Ատըեամա­նի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան նախագահ Արման Պաքըրճըօղլու, դիմելով պատ­կան մարմիններուն՝ բա­ցատ­րութիւն պա­հան­ջած է տա­րած­քին վրայ տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքին վերաբերեալ եւ պահանջած յայտնա­բերուած մարդկային մասունքները   տեղափոխել ու­րիշ վայր եւ պատ­շաճ կեր­պով հողին յանձնել:

Թուրքիա կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը, որ անընդունելի ու անթուլատրելի է: Այն մշակոյթը, զոր կ’աւերուի այդ երկրի քաղաքական ծրագիրներուն հետեւանքով, համաշխարհային նշանակութեան արժէքներ են: