
Ամասիացիները «տղարուք» կ՚անուանեն նորածին երեխային կնունքը եւ անկէ ետք տան մէջ տեղի ունեցող խնճոյքը, որուն հրաւիրուած կ’ըլլային ընդհանրապէս կիներ, ինչպէս կնքամայրը, դայեակը, կին ազգականներ եւ անոնց աղջիկներն ու երեխաները:
Կնունքի արարողութիւնը կը կատարուէր երեխային աշխարհ գալէն ութ օր ետք՝ ամէնէն մօտիկ կիրակին: Յատկանշական է, որ կրօնական այս արարողութեան ներկաները մեծ մասամբ կիներն էին։ Այդ կիրակի օրը դայեակը, կնքամայրը եւ ազգականուհիներ կը հաւաքուէին երեխային տունը, ապա միասնաբար կ՚ուղղուէին եկեղեցիին մատուռը։ Ծննդաբեր մայրը կը մնար տունը։ Եկեղեցիին մէջ քահանան կը կատարէր մկրտութեան արարողութիւնը, որուն աւարտին երեխան լաթերով կը փաթթուէր եւ կը յանձնուէր կնքահօր։ Այս վերջինը կը մօտենար աւագ խորանին բեմին վրայ կանգնող օրուան պատարագիչ քահանային, որ իր ձեռքի սկիհէն նշխարքի շատ մանր պատառ մը կը դնէր երեխային շրթունքներէն ներս: Այս ձեւով կը կատարուէր նորածինին առաջին հաղորդութիւնը։ Կնքահայրը կը վերադառնար մատուռ եւ նորածինը կը յանձնէր կնքամօր: Ազգականներու խումբը, քահանային ընկերակցութեամբ, կը վերադառնար տուն, ուր կը շարունակուէր տղարուքը։
Ամբողջական հոդվածը կարդացեք հղումով: