
Կլիմայի փոփոխութիւնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ կը համարուի 21րդ դարուն առողջութեան ամէնէն մեծ սպառնալիքը։ Գիտնականներու մեծ մասը կը կարծէ, որ կլիմայի փոփոխութիւնը, որ վերածուած է կլիմայական ճգնաժամի, այլեւս հնարաւոր չէ կանխել, բայց կարելի է նուազեցնել անոր հետեւանքները։ 2021 թուականի Յունիսին Stop Ecocide (դադրեցուցէք բնապահպանական սպանդը) հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ միջազգային փորձագէտներու պատուիրակութիւնը համաձայնութեան եկած է «բնապահպանական սպանդ»ը որպէս յանցագործութիւն սահմանելու հարցին շուրջ եւ պատրաստած է համապատասխան բնագիր։
Մասնագէտները բնապահպանական յանցագործութիւնը սահմանած են որպէս անօրինական գործողութիւններ, որոնք կը վտանգեն մարդոց կամ այլ կենդանի էակներու կեանքը՝ բնական կամ մշակութային միջավայրին մէջ, գործողութիւններ, որոնք անդառնալի վնաս կը պատճառեն ամբողջ բնապահպանական համակարգին կամ մշակութային արժէքներուն։
Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ «բնապահպանական յանցագործութիւններու ուսումնասիրման խումբ»ը օրէնսդրական առաջարկ պատրաստած է՝ թրքական պետութեան Քրէական օրէնսգիրքի «Ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ» բաժնին մէջ աւելցնելու «Բնապահպանական սպանդի յանցագործութիւն» եզրը եւ այդ ուղղութեամբ քարոզարշաւ սկսած է տարբեր հարթակներու վրայ: