
Արեւմտեան Հայաստանի Կաղզուան բնակավայրը կը յիշատակուի իբրեւ գիւղ, աւան, բերդ եւ քաղաք։ Յայտնի է նաեւ Երասխաձորի բերդ անունով։ Կ’ենթադրուի, որ այն սկիզբը կոչուած է Կաղզովան։ Կը գտնուի Անիի աւերակներէն մօտ 22քմ հարաւ-արեւմուտք, Արաքսի աջ ափին։ Քաղաքի բարձրութիւնը ծովի մակերեսէն մօտ 1500մ է։ Շրջապատուած է մրգատու այգիներով։ Բուսականութիւնը փարթամ է։ Քաղաքն առանձնապէս մեծ վնասներ կրած է 1840 թուականի երկրաշարժէն։
Կաղզուանի դիրքը նպաստաւոր է ոչ միայն ռազմական, այլեւ տնտեսական առումով, այն կը գտնուի Կարսէն Վան տանող ճանապարհին վրայ, որ գրեթէ մշտապէս բանուկ եղած է։ Քաղաքի շրջակայքը կան օգտակար հանածոներու եւ բնական շինանիւթերու հանքավայրեր։ Հին ժամանակ Կաղզուան կը մտնէր Գաբեղեանք գաւառին մէջ։ Կաղզուանի տեղը բնակավայր եղած է տակաւին հնագոյն ժամանակներէն։ Այդ մէկը կ’ապացուցեն անոր աղահանքերուն մէջ յայտնաբերուած քարի ու պղինձի գործիքները։ 9-10րդ դարերուն Կաղզուան արդէն ամրոց էր եւ բաւական մարդաշատ հայկական կայազօրի կայան։ Այն իր շրջակայքով կը մտնէր Բագրատունիներու թագաւորութեան մէջ։ 13րդ դարու սկիզբները արդէն վերածուած էր գիւղաքաղաքի։
16րդ դարէն մինչեւ 1878 թուականը այն ընդհանուր առմամբ կը գտնուէր թրքական տիրապետութեան տակ, իսկ անկէ ետք՝ Կարս նահանգին հետ միասին միացուած էր ռուսական պետութեան եւ կրկին Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ անցած 1921 թուականին։
Կաղզուան առաջին հերթին այգեգործական խոշոր բնակավայր էր։ Անոր բնակիչները գրեթէ բոլորն ունէին իրենց պտղատու այգիները, որոնց բերքի զգալի մասը վաճառքի կը հանէին տեղի շուկային մէջ։ Կաղզուան իր կառուցուածքով նման էր Արեւմտեան Հայաստանի միւս գիւղաքաղաքներուն։ Ունէր մէկ նորաշէն եկեղեցի Ս. Աստուածածին անունով, ուր կը պահուէին հայկական ձեռագիրներ՝ Աւետարան, Աստուածաշունչ եւ այլն։ Յետագային այդ եկեղեցին դարձած էր ուխտավայր, որուն մնացորդները գոյութիւն ունին մինչեւ մեր օրերը։ 19րդ դարուն եւ 20րդ դարու սկիզբները Կաղզուանի մէջ կը գործէին հայկական երկսեռ երկու դպրոցներ։