
Ֆրանսացի պատգամաւոր Անն-Լորէնս Փեթըլ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տէր Լայընին եւ ԵՄ ուժանիւթի հարցերու յանձնակատար Քատրի Սիմսոնին կոչ ուղղած է դադրիլ սիրաշահելէ բռնապետները։ Այս հարցին ֆրանսացի պատգամաւորը անդրադարձած է թուիթըրեան իր էջին կատարած գրառմամբ:
«Բաւական է խայտառակել Եւրոպական միութիւնը։ Մեզի ատրպէյճանական կազ պէտք չէ։ Մենք պէտք է վերականգնուող ուժանիւթ արտադրենք ԵՄ-ի մէջ եւ պէտք է աջակցինք հայկական ժողովրդավարութեան»,- գրած է Փեթըլ: