
«ՄԻԵԴ-ի մէջ հայ ռազմագերիներու 2020 թուականի երկու գործ մտած է բանավէճի հանգրուան, մեզի այդպէս ծանուցած են: Մէկը Նարեկ Սարդարեանի գործն է` 2020 թուականին ատրպէյճանական ներթափանցող խումբն առեւանգած, տարած է Ատրպէյճան մինչեւ պատերազմը, միւսը` Հադրութի հրապարակին մէջ գնդակահարութեան գործն է: Այս երկու գործը սկսած է, հիմա բանավէճի հանգրուանն ենք»,- «NEWS.am»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է իրաւապաշտպան Արտակ Զէյնալեան, նշելով, որ Ատրպէյճան դեռ դիրքորոշում չէ յայտնած:
Զէյնալեանի խօսքով, իրենք տուեալներ ներկայացուցած են, որ գերիներու թիւը շատ աւելին է, քան Ատրպէյճանի ներկայացուցած թիւերն են, սակայն Ատրպէյճանէն կը հերքեն:
«Մենք կը պնդենք, որ այդ անձերուն մասին Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան տակ անցնելէ ետք որեւէ լուր չկայ: Իրենք կը պնդեն, որ իրենց մօտ եղած գերիներու ցանկին մէջ նման մարդիկ չկան»,- նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ Պաքու կը հաստատէ 33 անձի գերի ինկած ըլլալու փաստը։ Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, կը վստահեցնէ, որ անոնց թիւն աւելի շատ է։ Իրաւապաշտպաններու տուեալներով, ատրպէյճանական գերութեան մէջ կը գտնուի 80 անձ։
Արեւմտեան Հայաստանը առաւելագոյն ջանքերը կը ներդնէ ռազմագերիներու վերադարձին համար, միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ ներկայացնելով Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու փաստերը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք հաւաքագրուած: