
Համաձայն ԱՀՀ կառավարութեան օրէնսդրական փաթեթի անձնագիր ստանալու կարգին մէջ անցեալին նշուած եղած է 20 € (եուրօ), որմէ ետք կայացուած է փոփոխութիւն՝ 30 € (եուրօ) ։
www.western-armenia.eu/stat.gov.wa/arm/2011/Kaghaqatsiutyan-Andznaqri-patsadrutyun-01.06.2011.pdf
Ներքին համաձայնութեան շնորհիւ 2021-2022թ․թ․ անձնագիր ստանալու համար Հայաստանը եւ Լատինական Ամերիկան կը մուծէին 10 € (եուրօ),
Սակայն այս տարուայ 2023թ․ փոփոխութեան համաձայն․
Յօդուած ա.
Ստորեւ բերուած յղումները Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պաշտօնական յղումներն են՝ իբրեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի գրանցուելու համար։
Յօդուած բ.
Ինքնութեան եւ քաղաքացութեան անձնագիր ստանալու փաստաթուղթին մէջ նշուած 30 € (եուրօ), կամ 40 $ (տոլար) վճարը կը տարածուի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ նաեւ Հայաստանի վրայ։
Յօդուած գ.
Հիմքը՝ անձնագիր ստանալու հաւասարութեան սկզբունքը։
Յօդուած դ.
Ստորեւ բերուած յղումները Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պաշտօնական յղումներն են՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոյնականացման քարտ՝ անձը հաստատող փաստաթուղթ ստանալու համար.
Յօդուած ե.
Որեւէ այլ յղում, որ կ’առաջարկէ ստանալ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոյնականացման քարտ՝ անձը հաստատող փաստաթուղթեր կամ կ’առաջարկէ ստանալ, այսպէս կոչուած հայկական սփիւռքի նոյնականացման քարտ, գայթակղութիւն, իւրացում կամ խաբէութիւն են, որպէսզի կանխեն Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեան մուտքը դէպի անոնց ինքնորոշման իրաւունքները:
Յօդուած զ.
Օրէնքի վաւերացումէն ետք սոյն օրէնքը պիտի հրապարակուի ԱՀՀ-ի պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ։
Օրէնքն ընդունուած է 26 Յունուար 2023թ․