
7,4 աստիճան երկրաշարժէն ետք, որուն կեդրոնը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ նահանգի Փազարճըք շրջանը, տուժած են բազմաթիւ քաղաքներ եւ գաւառներ։ Ըստ լուրերու՝ աւերուած է նաեւ Այնթապի պատմական ամրոցը։ Յայտնի է, որ Այնթապի ամրոցը կառուցուած է քաղքոլիթի ժամանակաշրջանին՝ 6000 տարի առաջ, թումբի վրայ։
Երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած են նաեւ հայկական եկեղեցիներ։ Կ. Պոլսոյ մէջ հրապարակուող «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան յայտնած է, որ Կիլիկիոյ մէջ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին վնասուած է։
«Պատրիարքարանը վարչական խորհուրդներու միջոցով կը փորձէ ամէն ինչ իմանալ։ Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, ինչպէս նաեւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիներու վիճակը յարաբերականօրէն լաւ է։ Տեղի միակ հայկական գիւղէն՝ Վաքըֆլիէն նոյնպէս լուրերը մտահոգիչ չեն»,– նշած է Գոչունեան։