Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին Արցախի ծննդատուներուն մէջ արդէն ծնած է 204 երեխայ։ 

Ատրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծին պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկներն ամէն օր կ’առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու սակաւութեան հետ։ 6 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ: