
Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով «Ճանչնանք մեզ» հաղորդման ծիրին մէջ ձեզ կը ներկայացնենք Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ, ծնունդով Կարսեցի Եղիշէ Չարենցի կեանքի եւ գրական գործունէութեան մասին պատմող տեսանիւթը։ Եղիշէ Չարենց մեր ժամանակներու իւրօրինակ մտածողութեամբ եւ գրելու առանձնայատուկ ոճ ունեցող բանաստեղծներէն է, որ կարող է իր մտքերով յուզել ընթերցողը եւ տեղափոխել Արեւմտեան Հայաստան՝ Կարս։ Անոր ստեղծագործութիւններէն «Երկիր Նայիրի» վէպը նուիրուած է Կարսի պատմութեան, կենցաղին եւ անկման, իսկ կերպարները եղած են իրական անձեր։ Չարենց գրական մեծ ժառանգութիւն ձգած էլ, որով այսօր կը դաստիարակուի մատաղ սերունդը։