
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Երկուշաբթի օրը ժամը 04:17-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժը, որ զգացուած է բազմաթիւ նահանգներու մէջ, յատկապէս Հաթայի, Այնթապի, Սամոսատի, Տիգրանակերտի, Մալաթիոյ, Ուրֆայի եւ Ատանայի մէջ, մեծ աղէտի պատճառ դարձած է:
Մարաշի Փազարճըք գաւառին մէջ 7,8 աստիճան երկրաշարժին հետեւանքով բազմաթիւ շէնքեր փլուզուած են, զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը ամէն ժամ կ’աւելնայ։ Տարածաշրջանը, ուր յետցնցումները շարունակուած են անընդմէջ, Փետրուարի 6-ի կէսօրին ցնցուած է երկրորդ հզօր երկրաշարժէ։ 7,6 աստիճան երկրորդ երկրաշարժը, որուն կեդրոնը եղած է Ալպստան գաւառը, նոյնպէս պատճառ դարձած է բազմաթիւ շէնքերու փլուզման։
Որոնողա-փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին:
Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան տուեալներով, Փետրուարի 7-ի դրութեամբ զոհերու թիւը հասած է 4544-ի, իսկ վիրաւորներու թիւը՝ 26 721։