
Տերսիմի «Աշխատանք եւ Ժողովրդավարութիւն» հարթակը Տերսիմի նահանգապետարանին մօտ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ ի նշան բողոքի Տերսիմի մէջ վայրի կենդանիներու որսով զբաղող անհատներուն։
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է․ «Տերսիմի մէջ որսի անուան տակ իրականացուած սպանդը իրականութեան մէջ յարձակում է տերսիմցիներու կեանքին, հաւատքին եւ սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ Տերսիմի բնութեան հանդէպ»:
Ցոյցին արձագանգած քաղաքացիներէն մէկն այսպէս խօսած է. «Արդէն 10 տարի է, որ մեր անտառները ամրան կ’այրին, իսկ աշնան դուրսէն մարդիկ կու գան եւ այստեղ որս կ’իրականացնեն։ Մեր բնակիչներէն ոմանք կ’ուղղորդեն այդ որսորդները,անոնք ալ կ’ոչնչացնեն մեզի համար սրբութիւն հադիսացող կաքաւներն ու լեռնային այծերը»։
Յայտարարութենէն ետք ցոյցի մասնակիցները պաստառներով երթ կազմակերպած է, ուր գրուած էր․ «Որսը մարզաձեւ չէ, այն սպանութիւն է»։
Արեւմտեան Հայաստանի տեղայատուկ կենդանատեսակներու մէկ մասը տեղակայուած է Տերսիմի շրջանին մէջ, եւ ոչ միայն անհրաժեշտութիւն է զանոնք յատուկ խնամքի տակ վերցնելը այլեւ բազմացման համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելը։
