
Հալէպի Կիլիկեան երկրորդական վարժարանը Փետրուարի 6-ի երկրաշարժին հետեւանքով նիւթական վնասներ կրած է:
Լուրը փոխանցած է Բարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի ֆէյսպուքեան էջը:
Գրառման մէջ նշուած է, որ վարժարանի տնօրինութիւնը որոշած է փակել հաստատութիւնը, մինչեւ որ համապատասխան մարմինները պիտի ստուգեն եւ գնահատեն կառոյցի կայուն մնալու հաւանականութիւնն ու անհրաժեշտ վերանորոգում պիտի կատարեն: