ԱՄՆ-ի մէջ գործող Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը փաստեր հաւաքած է 2020թ-էն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:

Կեդրոնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իրենք փաստահաւաք գործողութիւններ ծաւալած են տարածաշրջանին մէջ եւ ականատեսներէն վկայութիւններ հաւաքագրած են պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ: Այդ վկայութիւններն ակնյայտ ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճան խախտած է Ժնեւի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ օգտագործած է սուրիացի, աֆղան եւ փակիստանցի վարձկաններ 2020թ. պատերազմի ժամանակ: Բացի անկէ, տեղեկութիւններ  հաւաքագրուած են Բերձորի ճանապարհի արգելափակման վերաբերեալ: Ինչպէս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, այնպէս ալ անկէ ետք, Արեւմտեան Հայաստան շարունակեց հաւաքագրել պատերազմական յանցագործութեան տարրեր պարունակող փաստերը, որոնք կը վկայեն, որ Ատրպէյճան խախտած է Ժնեւի համաձայնագիրը։ 44-օրեայ պատերզամի ժամանակ հայ զինուորները միայնակ դիմադրած են աւելի քան 6 երկիրներու արհեստավարժ մարտիկներու գործողութիւնները, որոնք կռուած են ատրպէյճանական հովանաւորչութեան ներքոյ։ Հայ զինուորի կռիւը եղած է յանուն հայրենիքի եւ բնիկ հողերու վրայ ապրելու իրաւունքին համար։