Արդէն 57 օր է, որ Արցախի մէջ շուրջ 120 հազար հայեր արգելափակուած են ատրպէյճանցի «ցուցարարներ»ու եւ զինուորներու կողմէ, նշուած է Մարդու իրաւունքներու միջազգային ընկերութեան՝ Գերմանիոյ մասնաճիւղի յայտարարութեան մէջ:

«Մենք տեղեկացած ենք, որ 19 երեխայ, որոնց վերջերս թոյլ տուած են վերադառնալ տուն, ենթարկուած են անարժան վերաբերմունքի եւ հետապնդումներու։ Ռուսական ուժերու միջոցով տեղափոխման ժամանակ շարասիւնը կանգնեցուած է, եւ մեքենաներուն մէջ նստած են ատրպէյճանցի իբրեւ «բնապահպանները»։ Անոնք ապօրինաբար նկարահանած են երեխաները եւ հոգեբանական բռնութեան ենթարկած զանոնք, որուն հետեւանքով մէկ երեխայ կորսնցուցած է գիտակցութիւնը: Ատրպէյճան պէտք է դադրեցնէ Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով ազատ տեղաշարժը արգելափակող «բողոքի ցոյցեր»ու կազմակերպումն ու աջակցութիւնը»,- նշուած է ընկերութեան յայտարարութեան մէջ։Արեւմտեան Հայաստանը կոչ կ’ուղղէ միջազգային կառոյցներուն լրջագոյնս զբաղիլ այս հարցով, քանի որ արդէն 57 օրէ ի վեր Արցախի բնիկները ատրպէյճանցի իբրեւ բնապահպաններու պատճառով  յայտնուած են մարդասիրական ճգնաժամի մէջ։ Ադրբեջանցիներն ու ռուսական ուժերը, ովքեր ընդունում են 57 օր շրջափակումը, գիտակցո՞ւմ են արդյոք մեղսակցության աստիճանը մի ամբողջ բնակչության պատանդ վերցնելու այս հանցագործությանը։