
Արեւմտեան Հայաստանի Խնուս բերդաքաղաքը, զոր թուրքերը կը կոչեն Խնըս-քալէ, համարուած է նաեւ աւան կամ բերդ։ Կը գտնուի Արածանիի աջակողմեան վտակ Խնուս գետի ափին, Բիւրակնեան լեռներու արեւելեան ստորոտը։ Քաղաքը տեղակայուած է զառիթափ լեռնալանջերու վրայ, ծովի մակարդակէն ունենալով մօտ 1800մ բարձրութիւն։ Այն ջրառատ է, առողջարար կլիմայական պայմանններով: Խնուսի մօտ կան ածխաթթուային հանքային աղբիւր, շինարարական ընտիր քարի պաշարներ, քարածուխի եւ կերակուրի աղի հանքավայրեր։
Հին ժամանակ Խնուսը Մեծ Հայքի Տուրուբերան աշխարհի Վարաժնունիք գաւառի կեդրոնն էր։ Նոր ժամանակներուն Խնուսը Կարին նահանգի Խնուս գաւառակի կեդրոնն էր։
Խնուսի ամէնէն նշանաւոր կառոյցը կարելի է համարել անոր բերդը, որուն մասին հին հայկական աղբիւրներու մէջ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։ Այն յիշատակուած է օտար հեղինակներու կողմէ։ Բուն քաղաքին մէջ կար հայկական երկու եկեղեցի՝ մէկը հնաշէն, իսկ միւսը՝ նոր։ Անոնցմէ նշանաւորն առաջինն էր՝ Ս. Աստուածածին քարաշէն եկեղեցին։ 19րդ դարու վերջերը եւ 20րդ դարու սկիզբները Խնուսի մշակութային եւ ազգային կեանքը բաւական եռուն էր: Այստեղ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից կը գործէր մէկ վարժարան՝ 100-է աւելի աշակերտներով ու 4 ուսուցիչով։
19-20րդ դարերու բնակչութեան քանակին վերաբերեալ եղած տուեալները խիստ հակասական են։ Անհատ հեղինակներու տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 1800-1830-ական թուականներուն Խնուսի բնակչութեան թիւը կը հասնէր 5000 անձի, որուն 80%-ը (4000-ը) կը կազմէին հայերը։
1915 թուականի Մեծ Եղեռնին հետեւանքով Խնուսի գաւառակին մէջ բնաջնջուեցան աւելի քան 25000 հայեր։ Բնաջնջուեցաւ նաեւ Խնուս քաղաքի հայութիւնը, 1916 թուականին այստեղ մնացած էր միայն 200 հայ բնակիչ։