
2023 թուականի Փետրուարի 1-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական լեկէոնի
104-րդ տարելիցին նուիրուած «Երկու ազգ, Մէկ մշակոյթ» միջոցառումը՝
Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ու Սենատի անդամներուն մասնակցությամբ։ Միջոցառման ընթացքին, Արեւմտեան Հյաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ ներկայացուց, թէ ինչ նշանակութիւն ունեցած է Հայկական լեկէոնը՝ Հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։
Արեւելեան լեկէոնը, հայերէ կազմուած ֆրանսական բանակի զօրք էր, որ
կազմաւորուած էր 1916 թուականին ֆրանսայի Նախագահ Ռայմոնտ Փուանքարէի եւ Հայ ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարի միջեւ կնքած համաձայնագիրի հիման վրայ։ Լեկէոնը մասնակցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին թրքական զօրքերու դէմ մղուած պատերազմական գործողութիւններուն։ Հայկական լեկէոնը ֆրանսական զօրքերուն հետ պէտք է մասնակցէր Օսմանեան կայսրութեան դէմ պատերազմական գործողութիւններուն սուրիական, պաղեստինեան, լիբանանեան եւ Կիլիկեան ռազմաճակատներուն վրայ, որուն դիմաց ֆրանսա կը խոստանար Կիլիկիոյ բնիկ հայերուն պատերազմէն ետք ինքնավարութենէն մինչեւ անկախութիւն շնորհել։
Կիլիկիոյ ազատագրումէն ետք 1919 թուականի Փետրուարի 1-ին Արեւելեան լեկէոնը բաժնուեցաւ երկու լեկէոնի՝ հայկական եւ սուրիական, ուստի այսօր կը նշենք Հայկական լեկէոնի 104-րդ տարելիցը։ Հետաքրքրական է, որ տարագիր հայութեան որոշ քաղաքական ուժեր իրենց լոպպինկի միջոցով փորձած են խոչընդոտել այս միջոցառումը։ Սակայն Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի հովանիին ներքոյ միջոցառումը տեղի ունեցած է։ Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցած է հեռուստակամուրջ՝ Փարիզ-Արցախ-Մուշ, որուն ժամանակ մեր հայրենակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են կազմակերպիչներուն եւ նշած նման միջոցառումներու կարեւորութիւնը։
Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ համերգ, ուր հայ եւ
ֆրանսացի երաժիշտներու կատարմամբ հնչած են Կոմիտասի, Սայեաթ-Նովայի
անկրկնելի մեկնաբանութիւններ, համշէնական «Սարի աղջիկ», «Կազ-կազի» եւ «Համշէնական սրապար» ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, «Ջաւախքի շորորը», «Սանդի երգերը» եւ այլն:
Ներկաներն ունկնդրած են Հայերու Ցեղասպանութեան խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող «Տլէ եաման» ստեղծագործութիւնը։ Այս միջոցառումը հերթական մեծ ներդրումն էր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարեկամութեան մէջ: