Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) նախկին համանախագահ, այժմ բանտարկուած Սելահաթթին Տեմիրթաշ ընկերային ցանցերու վրայ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու աշխատանքէն: 

Տեմիրթաշ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կոչ ուղղած է իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող մեքենաները եւ սարքաւորումները ներգրաւել փրկարարական աշխատանքներուն մէջ: «Վաղն արդէն շատ ուշ պիտի ըլլայ»,- ըսած է  Տեմիրթաշ՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք կազմակերպէ այն կամավորներու աշխատանքները, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ փրկարարական աշխատանքներուն: