ԵՈՒՆԷՍՔՕ այլ կազմակերպութիւններու հետ համատեղ պիտի գնահատէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժերին հետեւանքով մշակութային ժառանգութեան կառոյցներուն հասցուած վնասը, յայտնած է  կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութիւնը «ԹԱՍՍ» գործակաութեան։

«ԵՈՒՆԷՍՔՕ այլ կազմակերպութիւններու հետ մէկտեղ արդէն սկսած է վնասի նախնական գնահատումը», – յայտնած է ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի մամլոյ կցորդ Թոմ Մալար։

Ան նշած Է, որ աշխատանքին կը մասնակցին Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանութեան միջազգային խորհուրդի փորձագէտներ։ Գործակալութեան զրուցակիցն ընդգծած է, որ «անհրաժեշտ է անյապաղ ապահովել մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու անվտանգութիւնը»։

Ինչպէս նշած է Մալար, երկրաշարժին հետեւանքով, մասնաւորապէս, վնասուած են Տիգրանակերտի ամրոցը եւ Հեւսելի այգիները։ Փորձագէտները մտադիր են նաեւ գնահատել Պորտասարի եւ Արսլանթեփէ բլուրի հնավայրերու վիճակը, աւելցուցած է մամլոյ կցորդը։ Սուրիոյ մէջ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ն յատկապէս կը մտահոգէ Հալէպի Հին քաղաքի շինութիւններուն, այդ թուին՝ միջնաբերդին պահպանուածութիւնը։ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է աղէտին հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վստահեցուցած, որ ԵՈՒՆԷՍՔՕ պիտի ցուցաբերէ ողջ անհրաժեշտ աջակցութիւնն իր մանդատի ծիրին մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանը արդէն իսկ նախաձեռնած է ուսումնասիրութիւնները եւ աշխատանքները աղէտի վայրին մէջ, ուր կան պատմամշակութային արժէքներ: Յույս կը յայտնենք, որ յայտնաբերուող վնասները անվերականգնելի չեն մեր մշակոյթին համար: