
Բալամանդ, Փետրուարի 6 , 2023 թուական.
Տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք Պատրիարք Ճոն 10-րդ դիմած է Անտիոքի Աթոռի արքեպիսկոպոսներուն, նշելով հետեւեալը.
«7,8 աստիճան ուժգնութեամբ ուժեղ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ հարաւը։ Անոր յետցնցումները հարուածած են Սուրիան։ Այս աննախադէպ երկրաշարժը մեծ վնաս հասցուցած է մարդոց, անոնց կեանքերուն եւ առողջութեան:
Այն նաեւ մեծ վնասներ հասցուցած է Ալեքսանդրետի, Մերսինի եւ Անտիոքի հայազգի քաղաքացիներու տուներուն եւ հայկական եկեղեցիներուն: Կը տեղեկացնենք այս աղէտին մասին, որ պատուհաս է մեր զաւակներուն համար՝ բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայասաստանի մէջ։
Կը խնդրենք ձեզի աղօթել հանգուցեալներու հոգիներու հանգստութեան եւ վիրաւորներու ապաքինման համար: Սփոփանք տառապողներուն եւ անօթեւաններուն, որոնք ապաստան չունին: Մենք օգնութիւն կազմակերպելու ակնկալիքով կը խնդրենք Ձեզի՝ առաջնորդել եւ ձեր թեմերուն մէջ ձեռնարկել գործողութիւններ, ուր պիտի արտայայտուի մեր սէրն ու համերաշխութիւնը մեր տառապեալ եղբայրներուն հանդէպ՝ Անտիոքի Աթոռի այս հոգեհարազատ վայրին մէջ:
Թող Աստուած պահապան ըլլայ ձեզի եւ պաշտպանէ ձեզ բոլոր չարիքներէ»։
Արեւմտեան Հայաստանը բարձր կը գնահատէ այս ծանր իրավիճակին մէջ Պատրարք Ճոն 10րդ-ի կոչը՝ Արեւմտեան Հայաստան աշխարհի հաւատաւոր հայերուն կոչ ուղղելով աղօթել աւերիչ երկրաշարժի արդիւնքով վիրաւորում ստացածներու շուտափոյթ ապաքինման համար: Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութիւնը իր ժողովուրդին կողքն է եւ որեւէ հարցով պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել: