
Իտալիոյ երկրաֆիզիկայի եւ հրաբխագիտութեան ազգային հիմնարկի նախագահ Կարլօ Տոկլիոնինի հաշուարկով ստորգետնեայ ցնցումները Արեւմտեան Հայաստանը տեղաշարժած են երեք մեթրով։
«Այն, ինչ որ մենք կ’անուանենք «Արաբական սարաւանդ», մօտ երեք մեթր շարժած է հիւսիս-արեւելք, հարաւ-արեւմուտք ուղղութեամբ՝ «Անատոլիական սարաւանդ»ին համեմատութեամբ: Մենք կը խօսինք տարածաշրջանի՝ «Արաբական սարաւանդ»ին եւ «Անատոլիական սարաւանդ»ին միջեւ սահմանային գօտիի վրայ գտնուող կառուցուածքին մասին», – բացատրած է ան։
Երկրաշարժէն երեք օր առաջ երկրաշարժներու մասնագէտ Ֆրանք Հուկըրպիթս կանխատեսած էր ողբերգութիւնը։
Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան կը հորդորէ մեր քաղացիներուն մօտակայ օրերուն առաւել զգօն ըլլալ, պահպանել անվտանգութեան կանոնները եւ իրենց հետ միշտ պատրաստ պահել փաստաթուղթերն ու առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները:
https://www.youtube.com/watch?v=pqIrvFNltc0&t=35s