
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժը մեծ վնասներ պատճառած է նաեւ Կիլիկիոյ։ Հաթայ նահանգի ամէնէն մեծ գաւառ Անտիոքի եւ յատկապէս՝ Սամանտաղ գաւառին մէջ, մեծ աւերներ եղած են։
Տարածաշրջանին մէջ որոնողա-փրկարարական աշխատանքները բաւարար չեն։ Շատեր իրենց հարազատներէն լուր չունին։ Կ’ենթադրուի, որ Անտիոքի ուղղափառ համայնքէն 100 անձ մնացած է փլատակներու տակ։ Ալեքսանդրէթի եկեղեցւոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն համար ստեղծուած է օգնութեան կեդրոն։ Ամբողջութեամբ աւերուած է Ալեքսանդրէթի Լատին կաթողիկէ եկեղեցին, վնասուած է նաեւ Ալեքսանդրէթի Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին։
Շրջանին մէջ ջուրի, հացի, վերմակի, վերարկուի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պիտոյքներու հրատապ կարիք կայ։ Մեծ վնաս կրած են քաղաքի 278 շինութիւններ։ Բացի բնակելի շէնքերէն, վնասուած են բազմաթիւ պետական շինութիւններ։ Վնասուած են քաղաքի ենթակառուցուածքները, ելեկտրական լարերը, ընդհատուած է կապը տարբեր շրջաններու հետ, Հաթայի օդակայանի թռիչքուղիին վրայ հսկայական ճաքեր գոյացած են, իսկ Քըրըքհան-Ռէյհանլը ճանապարհը փլուզուած է։
Աւերուած է նաեւ Ալեքսանդրէթի պետական հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքը։ Քըրըքանի կազատարի պայթում եւ հրդեհ տեղի ունեցած է, Ալեքսանդրէթի նաւահանգիստի նաւամատոյցին մէջ տեղ-տեղ փլուզումներ կան։
Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէ ներդնել ուժերը Կիլիկեան Հայաստանի մէջ մեծ վնաս կրած տարածքներէն տեղեկատւութիւն ստանալու եւ միջազգային կառոյցներու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար: