Նախորդ տարի մեկնարկած «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրին մէջ «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ը հրատարակած է «Արցախի վտանգուած հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը» անգլերէն գիրք-ալպոմը:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, այն հրատարակուած է հիմնադրամի գիտական խորհուրդին երաշխաւորութեամբ եւ արուեստի պատմութեան փրոֆեսոր Թալին Գրիգորի խմբագրութեամբ:

Գիրքի հրատարակման նպատակն է տարածել եւ հանրահռչակել հայկական մշակոյթը Հայաստանի սահմաններէն դուրս, չէզոքացնել պատմա-իրաւական խեղաթիւրումներն ու ապատեղեկատւութեան տարածումը:

Արեւմտեան Հայաստանը  կը շնորհաւորէ «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ի ողջ աշխատակազմին, հերթական փայլուն հրատարակութեան առիթով , քանի որ տարբեր լեզուներով հրատարակութիւնները կը բարձրացնեն տեղեկատւութեան հանրայնացումն ու տարածումը։