
Արեւմտեան Հայաստանին մէջ տեղի ունեցած 7,8 եւ 7,6 աստիճան երկրաշարժներուն պատճառով տուժած են 10 նահանգներ։
Երկրաշարժէն ամէնէն շատը տուժած է Ալեքսանդրէթ նահանգը, ուր զոհերուն թիւն առաւելագոյնն է։ Ալեքսանդրէթի շրջանին մէջ ծովի մակարդակը բարձրացած է։ Ջուրով լեցուած են ափամերձ ճանապարհները, հրապարակներն ու աշխատավայրերը։
Դրամատուներու եւ այլ հիմնարկներու աշխատակիցները տարհանուած են։ Երկրաշարժէն ետք փողոցը յայտնուած մարդիկը այս անգամ սարսափեցուցած է ծովի ջուրերով հեղեղուած փողոցներու տեսարանը։ Յատկանշական էր, որ ծովը երկրաշարժէն 2 օր ետք ալ չէ նահանջած։ Նշուած տարածաշրջանին մէջ աւերուած են հազարաւոր շէնքեր, հազարաւոր մարդիկ զոհուած են։ Փլատակներուն տակ մնացած քաղաքացիները օգնութեան կը սպասեն։ Ցաւով պէտք է նշել, որ յատկապէս հայաշատ Հաթայ եւ Սամոսատ (Ատըեաման) նահանգներուն մէջ որոնողա-փրկարարական աշխատանքները բաւական ուշացած են, կարելի է ըսել, որ բնակչութիւնը մնացած է բախտի քմահաճոյքին՝ լքուած ու անօգնական։ Զոհերու թիւը շատ ըլլալը կը բացատրուի նաեւ ասով։ նշենք, որ երկու նահանգներուն մէջ ալ բաւական թիւով հայազգի զոհեր կան, որոնց մասին պաշտօնական աղբիւրները կը լռեն:
Արեւմտեան Հայաստանը այժմ իր քաղաքացիներուն միջոցով արտակարգ դրութեամբ աշխատանքներ կ’իրականացնէ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ւողղութեամբ, սակայն մեր տարածքներուն բռնազաւթուած ըլլալը կրկնակի դժուարութիւններ կ’առաջացնէ այս պարագային։ Մասնաւորապէս Հայ Ճամբան ողջ ուժերը ներդրած է այս հարցերու լուծման համար։
