
Աղէտալի երկրաշարժէն տուժած Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն հասցնող երկրորդ հայկական օդանաւը վայրէջք կատարած է Հալէպ քաղաքին մէջ, յայտնած է «SANA» գործակալութիւնը:
Փետրուարի 8-ին ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ Հայաստան մարդասիրական աջակցութիւն կ’ուղարկէ Սուրիա: 30 թոն կազմող մարդասիրական բեռը կը ներառէ սնունդ, դեղորայք, բժշկական սարքաւորումներ: Կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանը կը զօրակցի Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին ողբերգական երկրաշարժին համար։ Մենք կը կիսենք Ձեր վիշտը եւ մեր կարեկցանքը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն՝ ցանկալով անոնց համբերութիւն եւ տոկունութիւն, իսկ տուժածներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում եւ պատրաստ ենք անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերել այս տարերային աղէտի հետեւանքներուն վերացման համար: