Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Պրայըն Մէյ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ,  ուր նշուած է․ «Ես ուշադիր կը հետեւիմ մարդասիրական ճգնաժամին, որուն կ’ենթարկուին Արցախի քաղաքացիները: Ատրպէյճանական յարձակումը հազարաւոր հայերու ստիպած է լքել իրենց տուները՝ զրկելով զանոնք առանց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէ, ինչպիսիք են սնունդն ու դեղորայքը։ Ես կոչ կ’ուղղեմ բոլոր կառավարութիւններուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել՝ լուծելու այս հրատապ մարդասիրական ճգնաժամը, վերջ դնելու բռնութեան եւ թոյլ տալու բոլոր տեղահանուած մարդոց անվտանգ վերադարձն իրենց տուները: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ, որպէսզի հայ ժողովուրդի իրաւունքները յարգուին, եւ պաշտպանուի անոր անվտանգութիւնը»։

Իր յայտարարութեան մէջ Պրայըն Մէյ նաեւ դիմած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Բերձորի ճանապարհը վերանալու կոչով:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան դրական կը գնահատէ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Պրայըն Մէյի յայտարարութիւնը, աւելցնելով, որ բարեկամական Գանատայի հետ մենք կը շարունակենք մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները, հիմք ընդունելով նաեւ այն պատմական դէպքերը, որոնք կը կապեն երկու ժողովուրդները, ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ քաղաքական ուղիներով։