
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ երկկուսակցական դաշինքը՝ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբին գլխաւորութեամբ, Փետրուարի 8-ին Արցախի շրջափակման դէմ բանաձեւի նախագիծ ներկայացուցած է: Բանաձեւը նպատակ ունի մեծցնել ԱՄՆ ճնշումը Ատրպէյճանի նկատմամբ, որպէսզի Պաքու վերջ տայ Արցախի արդէն երկու ամիս շարունակուող շրջափակման:
Գործընկերներուն ուղղուած նամակին մէջ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փալոն գրած է. – «Ալիեւի վարչակարգը կանխամտածուած քայլեր կը ձեռնարկէ բնիկ հայ բնակչութիւնը հեռացնելու համար Արցախէն եւ զանոնք զրկելու իրենց նախնիներու երկրին մէջ ազատ, ժողովրդավարական եւ արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութենէն՝ ցեղային զտումներու ակնյայտ նշան, որ մենք չենք կրնար անտեսել։ Միացեալ Նահանգները պէտք է անյապաղ գործէ եւ օգտագործէ բոլոր հասանելի դիւանագիտական գործիքները միջանցքը վերաբանալու համար»։
Բանաձեւը ընդունուելու պարագային Ներկայացուցիչներու պալատը ԱՄՆ վարչակազմին հինգ գործնական քայլ պիտի առաջարկէ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի վատթարացումը կանխելու համար:
Անոնք են՝ դիմել միջազգային դատարաններուն Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները հետաքննելու համար, համագործակցիլ միջազգային գործընկերներուն՝ ներառեալ Արցախի իշխանութիւններուն հետ՝ Բերձորի ճանապարհին
միջազգային դիտորդներու տեղակայումն ապահովելու համար, անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ որեւէ ռազմական կամ անվտանգութեան աջակցութիւն՝ Ատրպէյճանին եւ կիրառել Ազատութեան աջակցութեան որոշման 907-րդ ուղղումը, պատժամիջոցներ կիրառել Արցախի շրջափակման եւ մարդու իրաւունքներու այլ խախտումներուն համար պատասխանատու ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ, ատրպէյճանական յարձակումէն տուժող արցախահայերուն ամերիկեան կայուն մարդասիրական օգնութեան եւ զարգացման երկարաժամկէտ աջակցութեան հզօր ծրագիր մշակել: Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ ԱՄՆ-ի մեր գործընկերներուն յայտարարութիւնը, եւ կը հորդորէ միջազգային հանրութեան յստակ գործողութիւններ կատարել այս հարցին առնչութեամբ։