
Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշի Փազարճիք եւ Ալպստան գաւառներուն մէջ 7,8 եւ 7,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժներու 5-րդ օրուան՝ Փետրուարի10-ի դրութեամբ, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ երկրաշարժներուն հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 18 հազար 342-ի, վիրաւորուած է 74 հազար 242 անձ։ Անոնց թուին են հազարաւոր հայազգի քաղաքացիներ։ Տիգրանակերտի մէջ զոհուած են հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիս եւ ամուսինը։
Յիշեցնենք, որ Սուրիան եւ բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանը պատուհասած աղէտէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարար ջոկատներ ուղարկած է աղէտի վայրեր։ Արեւմտեան Հայաստանի Սամոսատ (Ատըեաման) քաղաքին մէջ հայ փրկարարները յաջողած են փլատակներէն ողջ-առողջ դուրս բերել երեխայ մը:
Տարածաշրջանին մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնող փորձագէտները պարզած են, որ երկրաշարժի կեդրոնին ամէնէն մօտ գտնուող Թեւեքքէլի գիւղի տարածքէն անցնող Արեւմտեան Հայաստանի աշխոյժ խզուածքը ճանապարհները 4 մեթրով տեղափոխած է դէպի ձախ, իսկ Մարաշէն դէպի Այնթապ ձգուող շոգեկառքի գիծերը ծռած են։
Արեւմտեան Հայաստանը աչալրջութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման եւ կը հաւաքագրէ տեղեկութիւններ մեր հայրենակիցներուն մասին՝ անոր համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերելով։ Արդէն 5-րդ օրն է աէերիչ երկրաշարժէն ետք, սակայն բազմաթիւ մարդիկ դեռ կը գտնուին փլատակներու տակ՝ անօգնական վիճակով։ Կան վայրեր, զորս թրքական զինուորականները շրջափակած են, ուր փրկարարական ոչ մէկ աշխատանք կը կատարուի, մարդիկ ստիպուած են իրենք զիրենք օգնել։

