
Փետրուարի 8-ին Ֆրանսայի Սենատը ձայներու մեծամասնութեամբ կողմ քուեարկած է բանաձեւին, որ կ’առաջարկէ Էմմանուէլ Մաքրոնի կառավարութեան ճանչնալ 1915-1918 թուականներու ասորի-քաղդէացիներուն դէմ իրագործվուած ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլի 24-ը դարձնել ջարդերու զոհերու յիշատակի օր:
Բանաձեւն ընդունուած է 300 ձայնով։ Դէմ եղած են միայն երկու սենատորներ։
Ասորիները եւ բնիկ հայերը մշտապէս ունեցած են բարի-դրացիական յարաբերութիւններ, ապրելով Արեւմտեան Հայաստան։ Թրքական եաթաղանը փորձեց վերջ դնել մեր հնագոյն ազգերու առաջընթացին, կազմակերպելով դարու առաջին սարսափելի ցեղասպանութիւնը։ Ասորի ժողովուրդը տարիներ շարունակ նոյնպէս պայքարած է արդարութեան վերականգման համար եւ այսօր այդ քայլերը տուին իրենց սպասուած արդիւնքը։ Թրքական պետութիւնը պատասխան պիտի տայ կատարուածին համար, իսկ այդ օրը շատ մօտ է։

https://www.senat.fr/leg/tas22-054.html