Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանը հարցազրոյց ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ պարոն Արմենակ Աբրահամեանի հետ: Հարցազրոյցը նուիրուած էր Փետրուարի վեցին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին եւ անոր հետեւանքներուն: Արմենակ Աբրահամեան խօսեցաւ երկրաշարժի օճախներուն, մարդկային զոհերուն, երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման եւ  այլ մարդասիրական ու քաղաքական խնդիրներու մասին, որոնք ծագած են աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով: