
Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով Արեւմտեան Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխնախարար Սուրէն Շահումեան ներկայացուց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով առաջացած խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղուած քայլերը։ Անդրադարձ կատարեց «Հայ Ճամբայ» միութեան, որ այժմ կ’աշխատի արտակարգ դրութեամբ, կեդրոնացնելով ուժերը քանի մը ուղղութեամբ՝ փրկարարական ջոկատներու կազմին մէջ ընդգրկելով կամաւորներ, նիւթական եւ մարդասիրական միջոցներու հաւաքագրում եւ անհրաժեշտ մասնագէտներու ներգրաւում։
Իւրաքանչիւրիս պարտքն է այս ծանր պահին կանգնիլ Արեւմտեան Հայաստան ապրող մեր հայրենակիցներու կողքը, ամենափոքր աջակցութիւնն իսկ կարեւոր է։
Նիւթական աջակցութիւն կրնաք ցուցաբերել հետեւալ հաշուեհամարով
FR76 3000 4000 6600 0100 3337 867Կրնաք ստանալ յաւելեալ տեղեկութիւններ հետեւեալ յղումով contact@western-armenia.eu կամ +33658076169 հեռախօսահամարով (whatsapp,viber)։