Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նոր զեկոյցը կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի տարածքէն: Խաղաղութեան որեւէ պայմանագիր պէտք է ներառէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու արագ եւ անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ, կ’ընդգծէ զեկոյցը:

«Եւրոպական միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զեկոյցը եւս մէկ անգամ կը վերահաստատէ Եւրոպական խորհրդարանի հաւատարմութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ շարք մը կարեւոր ոլորտներու մէջ Հայաստանի եւ ԵՄ համագործակցութեան։ Մենք կ’ողջունենք Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ստեղծումը եւ կոչ կ’ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան երաշխաւորել տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը Բերձորի ճանապարհով, որ գրեթէ երկու ամիս արգելափակուած է», – յայտարարած է զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ քուէարկութենէն ետք։

Զեկոյցին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները խստօրէն կը դատապարտեն 2022 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ իրականացուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը, որ խախտեց խաղաղութեան հասնելու նախկին փորձերը եւ յանգեցուց անոր, որ ատրպէյճանական ուժերը բռնազաւթեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը:

Արեւմտեան Հայաստանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ զաւթիչ  Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն վրայ, որ վերջին շրջանին յանգեցուց ե՛ւ մարդկային ե՛ւ տարածքային կորուստներու։ Բռնազաւթիչ Ատրպէյճանի նուաճողական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս, պէտք է քայլեր ձեռնարկել պատժամիջոցներով զսպելու Պաքուի բռնապտին գործողութիւնները։