
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ի գիտութիւն ընդունած է Մեքսիքայի Սենատի որոշումը Հայերու Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ եւ կը ցանկայ ողջունել անոր արժանապատիւ դիրքորոշումը, որ համահունչ է արդէն ճանչցած բոլոր պետութիւններու ցանկի ընդլայնման։ Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ուղղուած այս ոճրագործութիւնը իսկապէս պարոն Ռաֆայէլ Լեմկինի յատուկ որակման առարկան էր, որ ստեղծեց ցեղասպանութիւն եզրը՝ հիմնուելով մասնաւորապէս հայերու բնաջնջման փաստին վրայ։
Պէտք է նաեւ յիշել, որ եթէ Հայերու Ցեղասպանութեան գագաթնակէտը եղած է 1915-1916 թուականներուն, սակայն Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1894 թուականին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Իրօք, բնիկ հայ բնակչութիւնը կը շարունակէ տառապիլ իր պապենական հողին վրայ իրականացուող ցեղասպանական ծրագիրներէն, որուն վկայութիւնն է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մղուած թշնամական պատերազմը, որ 2020 թուականին աւելի քան 5000 զոհ ու 10000 վիրաւոր տուաւ:
Այս յաջորդական հանգրուաններով ցեղասպանական եւ հայկական տարածքներու բռնազաւթման ծրագիրները իրականութեան մէջ այլ նպատակ չունին, քան խոչընդոտել 1920 թուականին ճանչցուած հայկական պետութեան գոյութիւնը, որուն շարունակական պետութիւնը Արեւմտեան Հայաստանն է։
Աւելին, ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ որեւէ հարց անիմաստ է, եթէ այն հրամայական կերպով չ’անդրադառնար հատուցումներու հարցին: Մասնաւորապէս բնիկ բնակչութեան պարագային, բայց նաեւ ընդհանուր շրջանակներու մէջ, ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ յանցագործութիւններէն տուժած բնակչութեան պէտք է առաջարկուի փոխհատուցման եւ տարածքներու վերադարձի եւ, հետեւաբար, կանխարգելման մշտական, իրաւաբանօրէն պարտադիր մեխանիզմ: Մարդկութեան դէմ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրին հետ կապուած, թոյլ տալ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել տուեալ պետութիւնը ներգրաւելու համար իրաւաբանօրէն պարտադիր մեխանիզմին մէջ, թէեւ ան ինքզինք չի ճանչնար որպէս այդ յանցագործութիւններուն հեղինակը:
Արեւմտեան Հայաստանը եւս մէկ անգամ իր անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մեքսիքայի Սենատին եւ Մեքսիքայի նահանգի իշխանութիւններուն՝ 2023 թուականի Փետրուարի 6-ի երկրաշարժէն ետք բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեր բնիկ բնակչութիւն փրկելու համար իրականացուած գործողութիւններուն համար։
10 Փետրուար 2023թ.՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Լիտիա Մարկոսեան