
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկու խոշոր երկրաշարժներուն ժամանակ Հաթայի Ալթընոզեու շրջանի Թեփեհան թաղամասի ձիթապտուղի այգիներուն մէջ գոյացած է 300մ երկարութեամբ, 50մ լայնքով եւ 40մ խորութեամբ հսկայական փոս: Երկրաշարժէն ետք աղէտի վայր մեկնած այգիի սեփականատէրերը այդ տեսարանէն սարսափած են:
Թաղամասի բնակիչներէն մէկը այսպէս նկարագրեած է. «Այս ձիթապտուղի այգի է։ Սկիզբը հզօր պայթումի ձայն լսուեցաւ, որ նման էր պատերազմի ձայներուն։ Նման երկրաշարժ երբեք չէ եղած: Փլուզուած վայրին մէջ մենք կանաչաւուն ծուխ տեսանք: Փլուզուած տարածքը հսկայական է։ Մենք կը պահանջենք, որ փորձագէտներ գան, ուսումնասիրեն, եւ անհրաժեշտութեան պարագային թաղամասի բնակիչները տարհանեն»։
Արեւմտեան Հայաստանը կը դիմէ միջազգային կառոյցներուն, տարածքին մէջ փորձագիտական խումբերով աշխատելու եւ համապատասխան եզրակացութիւն կազմելու համար։
