
Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով «Ճանչնանք մեզ» հաղորդման ծիրին մէջ ձեզի կը ներկայացնենք Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ, ծնունդով Կարսեցի Եղիշէ Չարենցի տուն թանգարանէն պատրաստուած տեսանիւթը, ուր կը ներկայացուի մեծ գրողին գրական եւ ստեղծագործական գործունէութիւնը։ Կը ներկայացուին անոր ստեղծագործութիւններու գաղտնագրային հատուածները եւ այն դժուարութիւնները, որոնց մէջէն անցնելով պահպանուած են հանճարեղ գրողին բանաստեղծութիւններն ու քնարերգութիւնները, թանգարանին մէջ ցուցադրուած են նաեւ այն նորարական մեթոտները, որոնք կը պատմեն բանաստեղծին մասին՝ ձայնային տարբերակով։